Գլխաւոր Էջ
Ամսուան Յօդուածը![]()
Իր գործերն ու աշխատասիրութիւնները մեզի չեն հասած, սակայն իր մասին տեղեկութիւններ կրնանք քաղել պատմական արձանագրութիւններէ, ինչպէս օրինակ՝ Սոկրատիս Բծախնդիրի երկերէն։ Հիփաթիա ծնած է Աղեքսանտրիա, գարնան, իտալուհի դայեակի մը օգնութեամբ։ Իր ծննդեան ճշգրիտ թուականին համար պատմաբանները տարակարծիք են․ անոնց մեծամասնութիւնը 370-ին յանգած է, իսկ փոքրամասնութիւն մըն ալ՝ 350-370 թուականներուն միջեւ։ Հայրն է՝ յոյն թուաբանագէտ եւ աստղագէտ, Թէօն Θέων ὁ Ἀλεξανδρεύς (եղած է Աղեքսանտրիոյ գրադարանին, որ նաեւ ուսումնարան ալ էր, վերջին տնօրէնը)։ Հիփաթիա ծնած է հռոմէացի Վալենս Ֆլաւիուսի թագաւորութեան եօթներորդ տարին։ Հակառակ ուշ լեզու ելլելուն, երեք տարեկանին կը սկսի կարդալ, իսկ չորս տարեկանին արդէն կը գրէ յունարէն եւ լատիներէն։ Հինգ տարեկանին Հոմերոսին Ոդիսականէն քերթուածներ կ'ասմունքէ եւ վարպետութեամբ սրինգ կը նուագէ․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 12 378-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան ԻրադարձութիւններըՕրուան Պատկերը![]() |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 12 378 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝